ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲՈԼՈՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս երէկ Վատիկանի մէջ աշխարհի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Վեհափառը, ելոյթ ունենալով Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պապի՝ հաւատացեալներու հետ շաբաթական հանդիպման ժամանակ, դիմելով Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր մարդոց, յորդորած է □բոլոր ազգերուն եւ երկիրներուն միասնաբար դատապարտել բոլոր ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են պատմութեան ընթացքին□։
□Այդ ոճրագործութիւններուն ուրացումը նոյնքան անարդար է, որքան այդ յանցանքները գործելը։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած եւ դատապարտած են օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը□, նշած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։ Հաւատացեալներուն հետ երէկուան հանդիպման ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ. խօսած է □հայ քրիստոնեաներու դաժան փորձութիւններուն□ մասին՝ □յատկապէս վերջին դարուն ընթացքին□։
