Մեծարանքի երեկոյ՝ ի պատիւ Հանրի Սապիի
14 Ապրիլ, 2011-ին Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքի, Հօ Կարոնի նահանգային խորհուրդի շէնքին մէջ, ներկայութեամբ նահանգային խորհուրդի նախագահ, ընկերվարական Փիէր Իզարի, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան պրն. Վիգէն Չիթէչեանի ձեռամբ, ՀՀ նախագահին կողմէ շքանշանով պիտի պարգեւատրուի հայ ժողովուրդի երկար տարիներու բարեկամ, Հանրի Սապին։
Հանրի Սապի ֆրանսացի նախկին Եւրոերեսփոխան, ծնած է 1933 թուականին, Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ: Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ ընտրուած է Ֆրանսական Ընկերվարական Կուսակցութեան ցանկերէն, 1981-էն 1994: Ան յաջորդաբար եղած է Եւրոխորհրդարանի Ֆրանսացի ընկերվարականներու պատուիրակութեան նախագահ, Զարգացման եւ Համագործակցութեան Յանձնաժողովի նախագահ, Ափրիկէ, Քարայիպեան-Խաղաղական Յանձնաժողովի փոխ նախագահ եւ Նախագահներու Յանձնաժողովի նախագահ: Ան նաեւ բազում այլ պաշտօններ վարած է ու անդամ եղած է բազմաթիւ յանձնախումբերու մէջ։
Եւրոխորհրդարանին կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան 1987 Յունիս 17-ի ճանաչման գործին մէջ Հանրի Սապի առաջնորդ դերակատարութիւն ունեցած է, եւ իր ջանքերու միջոցով ընկերվարական խումբի զանազան երկիրներու պատուիրակութիւնները պաշտպանած են 1987-ի բանաձեւը եւ ի նպաստ քուէարկած:
1988-ի Արցախեան շարժումի սկսելէն ետք, Հ. Սապին Եւրոխորհրդարանին մէջ մեծապէս նպաստած է Արցախահայութեան իրաւունքներուն ի նպաստ բանաձեւերու ընդունման, աշխատանքային այցելութիւններ տուած է Հայաստան եւ Արցախ, ու 1990-ին՝ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ պատուոյ քաղաքացիի կոչում ստացած է։
2007-ի հոկտեմբերին, Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման 20-րդ տարեդարձին առիթով՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած Եւրոպահայութեան 2-րդ համաժողովը զինք պարգեւատրեց, ինչպէս նաեւ՝ 1987-ի ճանաչման միւս դերակատարները։
