Թուրքիոյ մէջ Հրատարակիչ Րակիփ Զարաքոլու կրկին դատապարտուած - Fédération Euro-Arménienne

Գրեցէք մեզի - Արձանագրուիր

21 avril 2011

Թուրքիոյ մէջ Հրատարակիչ Րակիփ Զարաքոլու կրկին դատապարտուած

Դատավարութեան մէջ ըլլալով սեպտեմբեր 2010-էն, թուրք հրատարակիչներ Րակիփ Զարաքոլու եւ Մեհմետ Կիւլեր դատապարտուած են «ՓՔՔ-ի համար քարոզչութեամբ», իրենց հրատարակած «The KCK File։ Global State and Kurds Without a State» գիրքին պատճառով։ Մարտ 10, 2011-ին՝ Րակիփ Զարաքոլու աւելի քան եոթ տարի ազատազրկման դատապարտուեցաւ գիրքը հրատարակած ըլլալուն համար որ, արդէն արգիլուած ու գրաւուած էր Մայիս 2010-ին տպագրուելէն անմիջապէս ետք, Տիարպեքիրի գիրքի առաջին հանդիսութեան ընթացքին։

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը յիշեցնէ թէ, Րակիփ Զարաքոլու եւ իր տիկինը Այիշէն` որ մահացած է, 1970-ականներէն ասդին ենթարկուած են հետապնդումներու, դատավարութեանց եւ բանտարկումներու, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր հրատարակելնուն համար։ Պարոն Զարաքոլու հիմնադիր անդամներէն է Թրքական Մարդկային Իրաւունքներու Կազմակերպութեան, նախագահ՝ Թուրքիոյ մէջ Հրատարակութեան Ազատութեան Յանձնաժողովի։ Ան նաեւ դատապարտուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի թիւ 301 յօդուածով՝ թրքական թապուներու մասին հրատարակութեանց պատճառով (Հայոց Ցեղասպանութիւն, Քրտական հարց, բանակի դերը քաղաքական կեանքէն ներս, տանջանքներ)։

«Թուրքիան անգամ մը եւս կը մերժէ Եւրոպական Միութեան հանդէպ սահմանադրական բարեփոխումներու իր պարտաւորութիւնը. թուրք ղեկավարներու դէպի ժողովրդավարութիւն դրական փոփոխութիւններու եւ խօսքի ազատութեան մասին յայտարարութիւնները պարզապէս երեւակայածին են», յայտարարեց Հիլտա Չոպոյեան, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահուհի։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը բազմիցս անգամ Եւրոպական Միութեան ուշադրութեան յանձնած է թուրք մտաւորականներու եւ լրագրողներու դատապարտութիւնները՝թրքական քրէական օրէնսգրքի թիւ 301 յօդուածին համաձայն, որոնցմէ շատեր դէմ արտայայտուած են Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան։

Քուէարկելով տիկին Օմեն Րաութենի Թուրքիոյ 2010-ի յառաջընթացի զեկոյցը, Յանձնախումբը կը հաւատայ որ, Եւրոպական Խորհրդարանը պաշտպանած է Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը՝ ընդունելու իր պետական ոճիրները։ «Եւրոխորհրդարանը ձախողեցաւ ճիշդ ազդանշանը տալու այդ երկրին՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին. այս վնաս է թուրք ժողովրդավարներուն, միաժամանակ Թուրքիոյ թապուն ներմուծելով Եւրոպա՝ ժամանակի մը երբ, թուրք մտաւորականները չափազանց վտանգի տակ են, ձերբազատուելու համար Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութենէն», եզրափակեց Հիլիա Չոպոյեան։