You are currently viewing Եւրոպացիները Հանուն Արցախի Մամլոյ  Հաղորդագրութիւն Պատասխան 2025 թուականի Յունուար 24-ին Հայաստանի վարչապետի Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութիւններուն:
  • Reading time:1 mins read

Եւրոպացիները Հանուն Արցախի Հարթակը  զարմացած եւ  ցնցված է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անընդունէլի յայտարարութիւներէն:  Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն   հաստատուած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կ՛անյարքեն  ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ՛ընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիուններու եւ Հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նուիրական աշխատանքներ  եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի Եւրոպահայերու գործունէութեան մէջ, որուն շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանը ճանչցած են Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած այդ մեծ հանցագործութիւնը:

Որպէս Եւրոպացիներ, վիրավորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ կը մատնէ այս առաջընթացքը որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպահայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկուին ոեւէ ներքին կամ հավերժ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի: Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի որոշ ասպեկտները կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատուական արշավներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:

Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է ցեղասպանութեան եւ էթնիկ զտումի: Եւրոպացիներ Հանուն Արցախի Հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտման եւ պատասխանատուներուն պատժելիութեան: Պատասխանատուութիւն հաստատելը եւ ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։

Ընդունուած վարկած է որ երբ ոճրագործը չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղչար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կարող է կրկնել այդ մէկը: Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Կրկնութիւնը ցեղասպանութեան ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները: Ցեղասպանութեան ուրացոմը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր ներկայիս հարցականի տակ դնելը ՀՀ Վարչապետին կողմէ, լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու ապագան: