27-28 Յուլիս 2021-ի լուսցող գիշերը Ազրպէյճանը անգամ մը եւս ծաւալուն զինուորական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ:
Նախիջեւանի սահմաններուն մօտ Երասխ գիւղին, ինչպէս նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Սոթք գիւղին վրայ յարձակումներէն ետք, ասիկա արդէն երրորդ անգամն է մէկ շաբթուան մէջ, որ Ազրպէյճանի յանցագործ իշխանութիւնները կ՛ոտնահարեն զինադադարի համաձայնագիրը եւ բացայայտօրէն կը խախտեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Կը հաղորդուի, որ մարտերը տակաւին կը շարունակուին, անոնց իբրեւ հետեւանք երէկ գիշեր երեք հայ զինուոր զոհուած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ, եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած են:
Միջազգային ընտանիքը, Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները պէտք է մէկ անգամ ընդմիշտ հասկնան, որ ասիկա ոչ այլ ինչ է, քան նոր փորձ` շարունակելու հայերու ցեղային զտումները, որոնք սկսած են Արցախի մէջ 2020 թուականի պատերազմին ընթացքին: Այս զինուորական յարձակումը ցոյց կու տայ, որ ազրպէյճանական-թրքական դաշինքի վերջնական նպատակն է կործանարար հարուած հասցնել հայոց պետականութեան ու իրականացնել բռնապետներ Ալիեւի եւ Էրտողանի ցեղասպան նկրտումները, որոնք ի սկզբանէ սահմանուած են աւելի քան մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը վճռականօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական վերջին յարձակումները եւ Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի ժողովրդավարական երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` յստակօրէն դատապարտելու Հայաստանի գերիշխան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին վրայ ազրպէյճանական շարունակուող յարձակումը: Պէտք է կարելի ամէն քայլի ձեռնարկել քարիւղատոլարներէն յղփացած ազրպէյճանական-թրքական բռնապետական եւ յարձակողական առանցքը անյապաղ կանգնեցնելու համար:
Անպատժելիութիւնը եւ անխոհեմ «երկկողմանիութիւնը» հաւասար են նախայարձակին աջակցելուն:
Իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ` մենք մեր ղեկավարութենէն կը պահանջենք եւ կ՛ակնկալենք շիտակութիւն եւ արդարութիւն:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ