ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրութեան 15 ամեակի առթիւ, երկուշաբթի 29 մայիսին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Պրիւքսէլի Թոն պանդոկէն ներս:
Ներկայ էին մօտ 100 հրաւիրեալներ, որոնց մէջ` Պրիւքսէլ շրջանի ֆրանքոֆոն խորհրդարանի նախագահ՝ տկն. Ժիւլի տը Կրոթ, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործերու փոխնախարար՝ պրն. Կարեն Նազարյան, Պելճիքայի թագաւորութեան, Լիւքսամպուրկի դխսութեան եւ Եւրոպական միութեան ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ պրն. Թաթուլ Մարգարյան, ՆԱԹՕ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան պրն. Արմեն Եդիգարյան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Արմեն Ռուստամյան եւ Կիրոյ Մանոյեան, Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ եւրոերեսփոխան տկն. Էլէնի Թէոխարուս, Եւրոպական միութեան խորհրդարանի եւ պելճիքացի պատգամաւորներ, Եւրոպական միութեան խորհուրդի եւ յանձնաժողովի ներկայացուցիչներ, Ջաւախքի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ներկայացուցիչ Արտակ Գաբրիելյան, ՀՀ մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարածքին գործող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, որոնք Պրիւքսէլ կը գտնուէին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի համագումարին համար: Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (HDP) Եւրոպայի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Րուանտայի թուցիներու Իպուքա կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ելոյթով մը ողջունեց ներկաները եւ արժեւորեց անոնց մասնակցութիւնը ի նպաստ Հայ Դատի պայքարին, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան, Արցախի մեկուսացումէն դուրս բերելու գործընթացին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին եւ Հայաստան – Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացին: Ան կարեւորեց 15-ամեայ ուղին, որուն ընթացքին ներկաներէն շատեր բերած են մասնակցութեան իրենց բաժինը:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, դեսպան Թաթուլ Մարգարյան, եւրոերեսփոխան Էլէնի Թէոխարուս եւ Ժիւլի տը Կրոթ: Ապա` ներկաներուն ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի 15 ամեայ գործունէութիւնը ամփոփող վիտէօ-երիզ մը:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
01 Յունիս, 2017
Պրիւքսէլ, Պելճիքա.