You are currently viewing «Վարչապետը դարձեալ կ՛արտայայտէ իր անընդունելի, անհիմն եւ վրիպամիտ հասկացողութիւնը Հայ ազգի ազատութեան եւ պատիւի նուիրուած Ղարաբաղեան շարժման մասին»-Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէն Գասպար Կարապետեան
  • Reading time:1 mins read

28 Մարտ 2025, Պրիւքսէլ- Մարտ 26 ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամօթալի յայտարարութիւններ կատարեց Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին, շեշտելով որ Ղարաբաղեան շարժումը պէտք է դադրեցուի եւ պնդելով որ շարժումը վտանգ էր Հայաստանի պետականութեան համար։  Իսկապէս սարսափելի է, որ մեր ժողովուրդին ճգնաժամային ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ մշակոյթը ոչնչացման սպառնալիքի տակ են, վարչապետը նման յայտարարութիւնեըր ընէ գորոզութեամբ։

Ղարաբաղեան շարժումը միշտ ալ աշխուժօրէն կը խթանուի Հայ ժողովուրդի գործողութիւններով։ Իր ներկայ ձեւով, շարժումը տարածուեցաւ 1988-ին, երբ տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներ Ստեփանակերտի մէջ եւ մէկ միլիոն Երեւանի մէջ միասնաբար փողոց ելան՝ պահանջելու Արցախի հայերուն ազատութիւնն ու ինքնորոշումը։ Ժողովուրդին կողմէ խթանուող շարժումը չի կրնար դադրիլ անկարող վարչապետի մը անհիմն որոշումով։

Պարոն Վարչապետը կը հաւատայ, որ նուաստացուցիչ զիջումները երկարատեւ խաղաղութիւն կ’երաշխաւորեն։ Մինչ Ազրպէյճանը կը շարունակէ սպառնալիքներ ուղղել, ինք կը հաւատա՞յ, որ նման մեկնաբանութիւններ ընելով կրնայ հաճոյանալ Պաքուին։ Այս քաղաքական պատճառները ոչ միայն ամօթալի են, այլ նաեւ ի վերջոյ անարդիւնք։ Անվերջ զիջումները միայն կը քաջալերեն Ազրպէյճանին աւելի շատ պահանջներ ներկայացնելու, մինչեւ որ Հայաստանի պետականութիւնն ու մշակոյթը դադրին գոյութիւն ունենալէ։ Այս մեկնաբանութիւնները կը ներկայացնեն Վարչապետին անկարողութիւնը հասկանալու տեղի իրականութիւնները, հակառակ ատէնը մէյ մը, իր անհասկանլի փիլիսոփայական վերլուծումներուն։

Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէն Գասպար Կարապետեան խստօրէն կը քննադատէ Պարոն Փաշինեանի յայտարարութիւնները, նշելով.

«Վարչապետը դարձեալ կ՛արտայայտէ իր անընդունելի, անհիմն եւ վրիպամիտ հասկացողութիւնը Հայ ազգի ազատութեան եւ պատիւի նուիրուած Ղարաբաղեան շարժման մասին: Նման յայտարարութիւններ ապարդիւն են Ազրպէյճանին զսպելու եւ Ալիեւի կողմէ կը գործածուին ցուցադրելու Հայաստանի կապիտուլեացիան եւ աւելի զիջումներ պահանջելու համար:

Այդուհանդերձ, այս քաղաքական պատճառները չեն արդարացներ ամօթը, անարգանքը եւ նուաստացումը, որ այս յայտարարութիւնները կը բերեն մեր նահատակ հերոսներուն յիշատակներուն, Հայկական ինքնութեան եւ պետականութեան համար պայքարին եւ Հայոց պատմութեան։ ի վերջոյ՝ ինք չէր Ղարաբաղեան շարժումը սկսողը եւ ինք որեւէ բարոյական եւ առարկայական իրաւունք չունի արտայայտելու նման «որոշումներ», հայ ժողովուրդի անունով, որուն ամբողջական ներկայացուցիչը ինք չէ:»