You are currently viewing «Սեւրի դաշնագիրը իր նպատակակէտին հասցնելու համար Հայաստանն ու Սփիւռքը համակարգուած կերպով պէտք է աշխատին»
  • Reading time:1 mins read

Հարցազրոյց

Հ. Պարոն Կարապետեան, այս տարի Սեւրի Դաշնագրին 100-ամեակն է: Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի Սեւրի Դաշնագիրը:

Գասպար Կարապետեան.- Սեւրի դաշնագիրը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի հայ ժողովուրդին պահանջատիրական պայքարին մէջ, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն ետք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն յետոյ այդ փաստաթուղթով պիտի ընդունուէին հայ ժողովուրդին իրաւունքները՝ ունենալ ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հ. Ձեր կարծիքով, որքանո՞վ ներկապակցուած են Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցումները եւ Սեւրի դաշնագրին ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին իրագործումը:

Ցեղասպանութեան արդար հատուցումներուն վերաբերեալ Սեւրի դաշնագիրը միայն նախնական նախատեսումներ ունի որովհետեւ հոն կարելի չէր կատարեալ տեսակէտ արձանագրել թէ ինչ պիտի պարունակէին ամբողջական հատուցումները: Սակայն կայ նշում, չակերտաւոր լքուած գոյքերու օրէնքին մասին որ քուէարկած էր Օսմանեան կառավարութիւնը որուն հիման վրայ կը բռնագրաւուէին հայկական կալուածներն ու կոթողները: Սեւրի դաշնագրի հիման վրայ անոնք պիտի վերադարձուէին իրենց սեփականատէրերուն: Անշուշտ Ցեղասպանութեան արդիւնք էր նաեւ Արեւմտահայաստանի կորուստը եւ հայութեան համար կարեւոր շրջաններու Թուրքիոյ իշխանութեան տակ գտնուիլը: Սեւրի դաշնագրով եւ Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռով հայ ժողովուրդը պիտի ստանար իր իրաւունքները՝ Հայաստանըպիտի դառնար ամբողջական, Հայաստանը պիտի դառնար միացեալ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը պիտի ունենար աւելի փայլուն ապագայ:

Հ. Սեւրի դաշնագրին պատակն ու բովանդակութիւնը այժմէական հիմնախնդիր վերածելու համար, որո՞նք են ձեր կարծիքով այն գործնական քայլերը որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ կողմէն եւՀայկական սփիւռքը միւս կողմէն պէտք է առնեն:

1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, համայն Հայ ժողովուրդի անունով Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայկական Սփիւռքը հրապարակեցին համահայկական հռչակագիր մը հայ ժողովուրդի ապագային եւ պահանջքներուն մասին որուն մէջ կը նշուի Սեւրի դաշնագրի կարեւորութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր հարմար առիթներով պէտք է օգտագործէ այս հռչակագիրը մանաւանդ Դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններուն յիշեցնելու իրենց պատասխանատուութեան մասին: Սփիւռքը իր կարգին Հայ Դատի յանձնախումբերով եւ զանազան այլ կառոյցներով միշտ հետամուտ պէտք է ըլլայ որպէսզի այս հռչակագիրը միջազգային հանրութեան աւելի ծանօթ դարձնելու ընդգծելով՝ մանաւանդ ստորագրեալ պետութիւններուն մօտ, այն հանգամանքը որ Լօզանը չի կրնար չեղարկել Սեւրը, որովհետեւ երկու դաշնագիրներու ստորագրող կողմերը նոյները չէին եւ Լօզանի մէջ ոեւէ նշում չկայ որ ան կը փոխարինէ Սեւրի դաշնագիրը: Սեւրի դաշնագիրը de facto գոյութիւն ունեցող դաշնագիր մըն է որ հայ ժողովուրդին մեծ թիւով իրաւունքներ կու տայ: De jure չէ անշուշտ բայց այդ ուղղութեամբ պայքարը մեծ է, եւ աշխատանքը նաեւ պէտք է շարունակուի իրաւական հիմքերու պրպտումով, Սեւրի դաշնագրի շուրջ կազմուած մեր պահանջքները ամրապնդելու նպատակով:

Հ. Սեւրի դաշնագիրը իր յաղթական նպատակակէտին հասցնելու համար ի՞նչ պիտի ըլլար Հայ ժողովուրդին ուղղուած ձեր կոչը:

Իսկապէս Սեւրի դաշնագիրը մեծագոյն նպատակ մըն է հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ եւ որպէսզի կարելի ըլլայ զայն իրականացնել, մենք պէտք է համակարգուած եւ համադրուած աշխատինք թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն թէ՛ Սփիւռք: Սփիւռքի մէջ կոչ կ’ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն համախմբուիլ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն շուրջ որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի միասնական եւ աւելի մեծ թիւի ուժերու ներկայութեամբ հետապնդել մեր դատը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները ներառեալ Սեւրի դաշնագրի ընդունումը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան պէտք է նշել որ, Հայաստանը երբեք պէտք չէ ստորագրէ որեւէ համաձայնագիր կամ դաշինք որ հակառակ ընթացք կրնայ ունենալ Սեւրէն եւ նաեւ երբեք պէտք չէ ընդունի Կարսի դաշնագրի գոյութիւնը, ուր հայկական կողմի ստորագրութիւնը ապօրինի կերպով դրուած է եւ որ մէզ համար ի զօրու չէ: