You are currently viewing Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը վճռականութեամբ կը շարունակեն իրենց աշխատանքները: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու համաեւրոպական առցանց հանդիպում
  • Reading time:1 mins read

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 21 Յուլիս 2020-ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի տարածքին վրայ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու արտահերթ առցանց հանդիպում մը։ 13 տարբեր Եւրոպական երկիրներէ Հայ դատի 30 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան հանդիպումին: Ներկաները քննարկեցին Հայաստանի Տաւուշի Մարզի ուղղութեամբ Ազրպէյճանական ռազմական յարձակումին վերջին իրադարձութիւնները ինչպէս նաեւ այս ընթացքին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախմբերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ տարած եւ տանելիք աշխատանքները:

Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն ինչպէս նաեւ հայկական բանակին, խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանական սադրանքներն ու Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ անընդունելի ուժի կիրառումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ռազմական այս գործողութիւնները եւ Ազրպէյճանական բարձրագոյն պետական պաշտօնեաներու կողմէ հնչած պատերազմական եւ ահաբեկչական կոչերը՝ մանաւանդ Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը հարուածելու սպառնալիքները անգամ մը եւս կու գան ապացուցելու Ալիեւի ռէժիմին՝ ոչ միայն հակամարտութիւնը ռազմական միջոցներով լուծելու նպատակը, այլ նաեւ տարածաշրջանային մարդկային անվերաշրջելի աղէտ պատճառելու ծրագիրը:

Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները գնահատեցին բազմաթիւ այն ԵՄ անդամ պետութիւնները, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները եւ ԵՄ անդամ պետութիւններու խորհրդարանի անդամները որոնք ընդառաջելով Հայ դատի յանձնախումբերու կոչին դատապարտեցին Ազրպէյճանի սադրանքները, վերջինէն պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, յարգել զինադադարի համաձայնագիրը, վերադառնալ բանակցութեան սեղան եւ պայքարիլ բացառապէս համաճարակին դէմ:

Հայաստան-Ազրպէյճան հիւսիսարեւելեան սահմանին տեղի ունեցած բախումները, Պաքուի մէջ ծնունդ տուին հակահայկական բողոքի ցոյցերու որոնք աշխարհին բացայայտեցին Ազրպէյճանական կառավարութեան դատապարտելի հայատեաց պետական քաղաքականութիւնը որ հետզհետէ կը տարածուի հանրութեան մէջ եւ կը վնասէ խաղաղութեան տեսլական ստեղծելու միջազգային հանրութեան ջանքերը:

Խիստ մտահոգիչ են նաեւ Ազրպէյճանի յարձակումին սատարող Թուրքիոյ կառավարութեան բացայայտ յայտարարութիւնները: Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիան համագործակցաբար Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի ու Արցախի դէմ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման քաղաքականութիւն կը վարեն: Թուրքիոյ ռազմական հրահրումը կամ Արցախ-Ազրպէյճան հակամարտութեան մէջ ներգրաւուածութիւնը լուրջ վտանգ կրնայ ստեղծել ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին ֆիզիկական անվտանգութեան այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան շահերուն եւ տարածաշրջանային խաղաղութեանն ու կայունութեան:

Եւրոպայի տարածքին վրայ գործող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին ամենայն վճռականութեամբ շարունակել իրենց աշխատանքը ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերուն եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, իրազեկելով Թուրք եւ Ազրպէյաճանական պետութիւններուն՝ հակամարդկային, ահաբեկչական եւ կործանարար քայլերուն մասին Եւրոպական քաղաքական եւ լրատուական շրջանակներէն ներս:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ

Print Friendly, PDF & Email