You are currently viewing ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը շնորհաւորէ Արայիկ Հարությունյանը՝ Արցախի նախագահ ընտրուելուն առիթով
  • Reading time:1 mins read

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան այսօր շնորհաւորական ուղերձ յղեց Արայիկ Հարությունյանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով:

Իր նամակին մէջ Կարապետեան յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթեց նորընտիր նախագահին, յայտնելով Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին անվերապահ պատրաստակամութիւնը շարունակելու իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Արցախի ժողովրդին, անոր ազատ ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքներուն պահպանման աշխատանքներուն մէջ, արտաքին դաշտի վրայ եւ մանաւանդ Եւրոպական միութեան մէջ:

Անդրադառնալով այս մասին Կարապետեան մեկնաբանեց ըսելով.

«Համոզուած եմ որ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի մեր գրասենեակին ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի բոլոր յանձնախումբերուն եւ Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր իշխանութիւններուն միջեւ, յանուն Արցախի հզորացման, զարգացման եւ բարեկեցութեան, անոր անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ Արցախի ժողովուրդին աշխարհաքաղաքական մեկուսացումէն դուրս հանելու աշխատանքին ծառայելու համար: Ինչպէս Արցախեան նախկին բոլոր իշխանութիւններուն օրով, մեր գրասենեակը եւ Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց բոլոր մարդկային, յարաբերական եւ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները պիտի շարունակեն դնել վերոնշեալ նպատակները իրականացնելու համար»:

Հայ դատի գրասենեակը նաեւ ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Արցախի ժողովուրդին կամքը, որ 31 Մարտին եւ 14 Ապրիլին կայացած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցաւ անգամ մը եւս վերահաստատեց իր որդեգրած ժողովրդավարութեան ուղին:

Այս ուղին ամրապնդելու իմաստով, ինչպէս վերջին տարիներու բոլոր ընտրութիւններու ընթացքին, իր մասնակցութիւնը նաեւ պիտի բերեր ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը նախաձեռնելով 10 Եւրոպացի մասնագէտ դիտորդներէ բաղկացած՝ ընտրական դիտորդական առաքելութիւն մը: Սակայն տիրող ներկայ համաշխարային ճգնաժամին պատճառաւ ան չեղեալ նկատուեցաւ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ

Print Friendly, PDF & Email