You are currently viewing Հանդիպում՝ Աշոտ Ղուլյանի հետ  ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս
  • Reading time:1 mins read

Հանդիպում՝ Աշոտ Ղուլյանի հետ  ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս:

Երեքշաբթի 5 Մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ` Աշոտ Ղուլյանի առաջնորդած պատուիրակութիւնը Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս Պրիւքսէլի մէջ:

Հանդիպման ներկայ էին՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ՝ Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութենէն, Համազգային մշակութային միութենէն, ՀՅԴ Արամ Երկանեան Երիտասարդական միութենէն Եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն:
 
Ողջունելով Պարոն Ղուլյանի գալուստը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ Դատի Գրասենեակի պատրաստակամութիւնը շարունակել օժանդակելու Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները Եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ:
 
Աշոտ Ղուլյան իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութեան, անոր ուղեկից միութիւններուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներու դերակատարութիւնը ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչման պայքարին մէջ:
 
«Երբ խորհրդարանին մէջ մեր գործունէութիւնը կ’ամփոփենք յատկապէս արտաքին կապերու հետ կապուած նիւթերու մասին, պարբերաբար կ’ընդգծենք Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենակին աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները», յայտարարեց Ղուլյան: Ան շարունակեց ըսելով. «Պայքարը միասնաբար պիտի շարունակենք ջերմեռանդութեամբ»:
 
Անդրադառնալով հանդիպմանը՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. « Սա առաջին անգամը չէ որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ’այցելէն մեր գրասանեակը: Այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը բարձր կը համարեմ, սփիւռքի մէջ գործող Հայ Դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը  առաւել եւս  զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով:»
 
Չորեքշաբթի 6 Մարտին, Արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ԱՀ Արտաքին գործերու փոխնախարար Արմինե Ալէքսանյանը, պիտի մասնակցի Հայ Դատի Գրասենեակի կազմակերպած՝ «Հայատյացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագրով գիտաժողովին որ տեղի կ’ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին ներս:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ