ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ իր գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան ընտանիքով Պէյրութ, Լիբանան տեղափոխուելու պատճառով՝ 30 յունիս, 2017-էն պիտի դադրի զբաղեցնել այս պաշտօնը:
Պետոն Գրասենեակի աշխատակազմի մշտական անդամ դարձաւ հոկտեմբեր 2010-ին եւ այս ընթացքին ան խղճմտօրէն, նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Պետոյին բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր ապագայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ:
Յուլիս 1, 2017-էն սկսեալ՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուի պաշտօնը պիտի վարէ Յարութ Շիրինեանը, որ արդէն Պրիւքսել կը գտնուի եւ աստիճանաբար պիտի ստանձնէ իրեն վստահուելիք պատասխանատուութիւնները: Յարութ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը աւարտած է, ապա Փարիզի Քրէթէյ համալսարանի «Տնտեսութիւն եւ կառավարում» ճիւղը, որմէ ետք մասնագիտացած է «Մարզական կառավարում» ճիւղին մէջ, վկայականը ստանալով փարիզեան Ամօս համալսարանէն: Ան անդամ է Հ.Յ. Դաշնակցութեան: Ան եղած է ՀՅԴ Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան վարչութեան ատենապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ:
Հաղորդակցութեան տուեալները կը մնան նոյնը (contact@eafjd.eu, բջջ. +32475525318, գրս. +3227327026/27)
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
25 Յունիս, 2017
Պրիւքսէլ, Պելճիքա.