You are currently viewing Շուէտացի Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Արցախը:
  • Reading time:1 mins read

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի Շուէտացի անդամ Լարս Ատաքթուսօնը եւ իր անձնակազմի ղեկավար Չարլի Ուիմըրզը կ’այցելեն Հայաստանն ու Արցախը:

Այս այցելութեան ծիրէն ներս Հինգշաբթի 25 Յունուարին, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը  աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակո Սահակյանի հետ, արտաքին գործերու նախարար՝ Մասիս Մաիլյանի հետ եւ ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Աշոտ Ղուլյանի հետ:  Ատաքթուսօնը եւ Ուիմըրզը տեսակցեցան նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովի ”Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբ”-ի անդամներուն հետ։

Հանդիպումներուն ընթացքին, նմանօրինակ պատուիրակութիւններու առաքելութիւնը համարուեցաւ խիստ անհրաժեշտ, Արցախի իրավիճակի մասին եւ արձանագրուած բարելաւումներու ճշգրիտ եւ առաջին աղբիւրներէ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով։ Ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ թէ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծումի կարգաւորումը չի կրնար չընդգրկել Արցախի ժողովրդի կեցուածքն ու անոր խաղաղութեան ձգտումը։ Արծարծուած կարեւոր նիւթերն մէկն էր` ԵԱՀԿ-ի կողմէ առաջարկուած` հետազօտութեան մեխանիզմներու տեղադրման հարցը, որ վստահութեան ամրապնդման նպաստող քայլ մը ըլլալով, շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակ ունի։ Այս առաջարկը, որ ընդունուած է հայկական կողմէն զոհերու թիւը հիմնովին պակսեցնելու նպատակով, երկխօսութեան նոր եւ վստահելի նախապայման մը կրնայ ստեղծել:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ` Գասպար Կարապետեան անդրադառնալով Ատաքթուսօնի դէպի Արցախ այցին յայտարարեց՝

Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը հիմնական միջոցներէն է Արցախի ժողովուրդին վրայ պարտադրուած մեկուսացման դէմ պայքարելու համար։ Նաեւ, ժողովուրդներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր առիթներ կը ստեղծէ։ Նոր կամուրճներու ստեղծումը և Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանումը առաջնահերթութիւններ են մեզ համար:

Շուէտացի պատգամաւորին գլխաւորած պատուիրակութեան դէպի Արցախ այցը կը շարունակուի մինչեւ 27 Յունուար: 

Post image
Print Friendly, PDF & Email